2009-06-15 13:45:08

Կրօնական գիտելիքներ`Բ Կիրակի զկնի Պենտեկոստէի ‘’Տօն Եկեղեցւոյ’’


‘’Տօն Եկեղեցւոյ’’ Հայոց յատուկ է յանուն եկեղեցւոյ տօն կատարելը։

Եկեղեցին աստուածային հաստատութիւն մըն է եւ Քրիստոսի փրկագործութեան արդիւնք։Եկեղեցւոյ միջոցաւ մեզի կ՝աւանդուին ճշմարտութիւնները, կը մատակարարուին խորհուրդները, կը բաշխուին շնորհքները եւ կը տրուի մեղքերու թողութիւնը։ Մեզի համար եկեղեցին քրիստոնէական մարմնոյ ամբողջութիւնն է որուն գլուխը ՜՜Քրիստոսը՝՝ նշան միացման եւ հաւատացեալներու միջեւ եղբայրութեան կապը։ Եկեղեցին կը ներկայացուի մեզի ամէն տեսակ այլաբանութեամբ ինչպէս. քաղաք, տաճար, աղբիւր, վէմ, սեղան, խորան, երկինք, Աստուծոյ աթոռ, Քրիստոսի Հարսն ու մայր հաւատացելոց։ Որով Եկեղեցին կ՝ըլլայ գերբնական հաստատութիւն մը՝ բոլոր փրկագործ տնօրինութեանց արդիւնք եւ այդ նկատողութեանց ներքեւ արժանի է որ ան դառնայ տօնելի։

Եկեղեցւոյ տօնին յաջորդող երկուշաբթին տօնն է Սրբոց Անմեղ Մանկանցն Բեթղեհէմի եւ Ակակիոս վկային։

Բեթղեհէմի մանուկներուն տօնին՝ կը յիշատակուին երկու տարեկանէն վար այն բոլոր մանուկները՝ որոնք սպաննուեցան Հերովդէս թագաւորին հրամանով եւ որոնք կը գտնուէին Բեթղեհէմի մէջ եւ անոր սահմանները...քանի որ մոգերը որոնք Աստղը տեսած էին, նշան մեծ թագաւորին ծննդեան, եկած էին Հերովդէսի մօտ տեղեկութիւն ստանալու համար։ Այս լուրը վրդոված էր Հերովդէսը որ խնդրած էր մոգերէն գտնել Մանուկը եւ իրեն լուր տալ, որպէսզի ինք եւս երթայ յարգանք մատուցելու՝ Նորածին Արքային։ Իրականին մէջ, Հերովդէս կ՝ուզեր ազատիլ յիսուս մանուկէն, քանի կը վախնար իր գահը կորսնցնելէ, եւ ի պատասխան մոգերուն, որոնք՝ հնազանդելով հրեշտակէն իրենց տրուած՝ հրահանգին, չիմացուցին վայրը ուր ծնած էր Յիսուս մանուկ, սաստիկ զայրացած՝ սպաննել տուաւ (ինչպէս ըսինք) երկու տարեկանէն վար այն բոլոր մանուկները , յուսալով որ անոնց մէջ ըլլայ նորածին թագաւորը (Յիսուս )։

Իսկ Ակակիոս վկան որուն տօնը կը յիշատակուի Անմեղ Մանկանց տօնին օրը, դեռատի ամասիացի էր, ան չարաչար տանջանքի ենթարկուած էր՝ Լակիանոսի կողմէ (Ամասիոյ մէջ) եւ ապա նոյնպէս սաստկագոյն կերպով չարչարուած Տերենտիոս եպիսկոպոսի կողմէ որ նաեւ զինք ձգած էր եռացած ճարպի մէջ, ու միշտ ալ անվնաս ազատելով սոյն տանջանքներէ շարունակած էր քաջութեամբ անարգել կուռքերը, ի վերջոյ 318-ին ան կը գլխատուի։ Վկայաբանութիւնը կ՝ըսէ որ ՜՜ հատուած գլխէն արիւն եւ կաթ վազեց՝՝։ Թերեւս այս է պատճառը որով անոր յիշատակութիւնը կը կատարուի Բեթղեհէմի Անմեղ Մանկանց տօնին օրը։

Երեքշաբթի օրը տօնն է Սրբոց կուսանացն՝ Նունեայ եւ Մանեայ։

Նունէ կոյսը Հռիփսիմեանց խումբէն էր, որոնց հետ միասին Հայաստան հասնելէ ետք, ինք Վրաստան մեկնեցաւ եւ հոն նուիրուեցաւ աւետարանական գործին։ Յաջողեցաւ դարձի բերել Վրաց արքունիքը, բժշկելով թագուհին եւ իր զաւակը, եւ ապա թագաւորը՝ Միհրան, փրկելով զինք թանձր մէգէ, զորս ունեցած էր՝ որսի ատեն։ Եւ երբ թագաւորը հաւատաց Քրիստոսին, Նունէ գրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ իրմէ հրաման խնդրեց փայտեայ Խաչ մը կանգնելու համար, մինչեւ որ հոգեւորականներ գան։ Նունէ հանրածանօթ դարձաւ իր սրբութեամբ եւ ճկունութեամբ եւ թաղուեցաւ պատիւով։

Իսկ Մանէն, որ ինք եւս Հռիփսիմեանց խումբէն էր, Եկեղեաց գաւառէն անցած ատեն երկնային ազդում ունեցաւ Դարանայեաց Սեպուհ լերան մէջ առանձնական կերպով աղօթքով եւ մտածութեամբ ապրելու եւ տարիներ ետք (ըստ աւանդութեան) երբ Լուսաւորիչ այդ կողմերը գնաց ձայնեց կոյսին որ պատասխանելով Լուսաւորչին խնդրեց որ երեք օրեր եւս սպասէ, յետոյ Լուսաւորիչ գտաւ Մանէն վախճանած. թաղեց զինք աղօթքով եւ օրհնութեամբ եւ ինք ճգնեցաւ հոն մինչեւ իր մահը։



Հինգշաբթի օրը՝ Տօն Սրբոցն Սարգիսի եւ Բագոսի։

Ասոնք՝ Սարգիս եւ Բագոս Հռովմէացի ազնուականներ էին, պաշտօնակալներ կայսերական արքունիքին եւ կամ բանակին մէջ. ոմանց համար Մաքսիմիլիանոսի օրով ուրիշներուն համաձայն ալ՝ Դիոկղետիանոսի օրով։ Անոնք մերժած էին կուռքերուն զոհ մատուցել որուն հետեւանք չարչարանքներու ենթարկուած։ Իբր անարգանք անոնք կանացի զգեստներով շրջուեցան փողոցներուն մէջ։ Եւ երբ ղրկուեցան Արեւելքի դուքս Անտիոքոսին որ Սարգիսի շնորհիւ հասած էր այս դիրքին ինք եւս ջանաց զիրենք իրենց հաւատքէն դարձնել սակայն ի զուր. ասոր համար անոնք չարչարանքի ենթարկուեցան։ Բագոս չդիմացաւ արջառաջիլի հարուածներուն եւ մեռաւ։ Իսկ Սարգիս ոտքին բեւերուած երկաթագամ կօշիկներով, յածուեցաւ քաղաքէ քաղաք ու ի վերջոյ Ուծաբի մէջ գլխատուեցաւ։



Շաբաթ օրը՝ Սրբոցն Մովկիմայ քահանային եւ Կոդրատիոս զինուորին տօնն է։

Մովկիմոս քահանայ , ծագումով Բիւզանդացի՝ քահանայ ձեռնադրուելով աւագերեց կարգուած էր Մակեդոնիոյ գաւառի Ամփիպոլիս քաղաքի եկեղեցւոյ։ Դիոկղետիանոսի հալածանքներու ատեն, սանդարամետական տօներու՝ հեթանոսական խրախունքներու ընթացքին, Մովկիմոս քաջութեամբ խօսեցաւ դիցական կրօնքի ստութեան մասին, ապա մեհեան մտնելով՝ հրապարակաւ անարգեց կուռքերը եւ կործանեց Դիոնեսիոսի արձանը։

Ասոր համար զինք բորբոքած խարոյկի մէջ նետեցին, բայց ինք սկսաւ սաղմոսերգել երեք հրեշտակներու հետ, զոր կը տեսնէր։ Բոցերը շուրջանակի տարածուելով այրեցին տասնեակ հոգի, որոնց մէջ նաեւ՝ Անթիպատրոս դատաւորը։ Զարհուրելով անոր այս ձեւի հրաշալի ազատումէն, Մեկեդոնացիները զինք Բիւզանդիոն ղրկեցին ուր բարձրագոյն ատեանի կողմէ գլխատման դատապարտուցաւ։ Իսկ երբ Կոստանդիանոս Բիւզանդիոնը մայրաքաղաք ըրաւ Մովկիմոսի նշխարներուն վրայ կանգնել տուաւ դամբարան մը եւ շքեղ եկեղեցի մը։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.